2012-10-05 11:53:29

Ֆրիպուրկ <<Աղօթել եւ Վկայել>> 23րդ Հանդիպում։
Նոր Աւետարանութեան Փառատօն։


<<Աղօթել եւ Վկայել>> նախաձեռնութեան 23րդ հանդիպումը տեղի կ՜ունենայ ֆրիպուրկի մէջ յառաջիկայ 10 եւ 11 նոյեմբերին։ Այս տարուայ հանդիպումի պատւոյ հիւրերն են Լոզանի, Ժընէվի եւ ֆրիպուրկի Աքրեպիսկոպոս գերապայծառ Շարլ Մորէրոտ, պուրունտացի` խաղաղութեան գործիչ Մակի Պարանգիթսէ, ֆրանսացի փիլիսոփայ ֆապրիս Հաճաճ եւ Տոմինիքեան միաբանութեան անդամ եղբայր Տավիտ Մագէր։
<<Աղօթել եւ Վկայել>> շարժումի նախագահ` Գլոտ Շէնքեր հաստատած է <<կ՛ուզենք նոր աւետարանութեան փառատօն մը դառնալ>>, Աղօթել եւ Վկայել նախաձեռնութիւնը միայն երիտասարդներու համար չէ կազմակերպուած այլ բոլոր սերունդներուն ու այս տարի յատուկ ակնարկով կ՛անդրադառնայ ընտանիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.